Skip to content
PodSubs
ShowsPeopleGuestsJobsNewsEvents
More
BlogPodCred
Menu
ShowsPeopleGuestsJobsNewsEventsBlogPodCredNetworksSign in
Join nowSign in
  • Shows
  • People
  • Jobs
  • News
  • More
    • Guests
    • Events
    • Blog
    • PodCred
    • Networks
    Join nowSign in

Zartonk Audiobook

Zartonk Audiobook artwork

3- Գործոթի Կռիւը - The battle of Kordzot

Oct 26, 202638 minAudioSeason 2, Episode 3
ShareXLinkedInFacebookWhatsAppEmail

Գիւղացիներէն մէկուն մատնութեան հետեւանքով, ֆետայիներու խումբը կը ստիպուի շտապ հեռանալ գիւղէն ու ապաստանիլ լեռներուն մէջ։ Քրտական զինեալ խումբերը կը հետապնդեն զիրենք, եւ շուտով անխուսափելի կը դառնայ զինեալ բախումը։ Թշնամիին ուժերուն դիմաց, ֆետայիները իրենց սահմանափակ միջոցներով կը դիմադրեն՝ ապաւինելով իրենց փորձառութեան, հնարամտութեան եւ ռազմավարական մտածողութեան։ Սակայն անոնց նպատակը կռուիլը չէ, այլ Վան հասնիլը։ Ամբողջ օր մը լեռնալանջին վրայ դիրքաւորուելէ եւ թշնամիին յարձակումները դիմագրաւելէ ետք, գիշերուան մթութեան տակ կը սկսի նոր ու աւելի դաժան ճանապարհորդութիւն մը։ Գրեթէ երեք օրէ ի վեր անօթի ու ուժասպառ, անոնք կը շարունակեն մագլցիլ լեռնագագաթները՝ խուսափելով թշնամիի հետապնդումէն եւ չվտանգելով հայկական գիւղերու բնակիչները։ Բայց որքա՞ն կրնան դիմանալ։ Եւ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ անոնց Երկրի անծայրածիր լեռներուն մէջ։ Betrayed by one of the villagers, the group of fedayis is forced to flee into the mountains. Pursued by Kurdish militias, they soon find themselves drawn into an unavoidable confrontation. Outnumbered and with limited resources, the freedom fighters rely on their experience, ingenuity, and strategic thinking to withstand the enemy's attacks. Yet their mission is not to fight, but to reach Van. After spending an entire day defending their position on a mountainside, they take advantage of nightfall to embark on an even more treacherous journey. Nearly three days without food, exhausted and weakened, they climb from one mountain peak to another, determined to evade their pursuers without endangering the Armenian villagers who might otherwise offer them shelter. But how much longer can they endure? And what fate awaits them in the vast, unforgiving mountains of their homeland?

Audio and video play straight from the show's own hosting. PodSubs stores and serves no media.

Hosts and Guests

Nobody is credited on this episode yet.

Credit the people on this episode

Be the first to rate this episode

More episodes

All episodes
  1. 5- Ղզլճայի Սարը - The Ghzlja Mountain

    Nov 23, 20261 hr 13 minAudio

    Երեք օր անօթի ու ուժասպառ, դէպի Վան ճանապարհուող ֆետայիներու խումբը կը յայտնուի հարիւրաւոր թշնամիներու պաշարման մէջ։ Քրտական զինեալ ուժերու եւ օսմանեան զօրքերու դէմ անհաւասար կռիւը կը վերածուի կամքի, կարգապահութեան եւ...

    Credit the people on this episode

  2. 4- Հայ Գիւղի մը Աւերումը - The Destruction of an Armenian Village

    Nov 9, 20261 hr 7 minAudio

    Ֆետայիներէն կրած պարտութիւնը կը բորբոքէ քրտական զինեալ ուժերուն վրէժխնդրութիւնը, եւ դժոխքի դռները կը բացուին հայկական ծաղկուն գիւղի մը՝ Ղզլճայի վրայ։ Մէկ դաւաճանութիւն բաւարար է, որպէսզի ամբողջ շրջանի հայաբնակ գիւղերը...

    Credit the people on this episode

  3. 2- Գզիր Յարօն եւ Մուղսին - The Laborer Haro & Moughsi

    Oct 12, 20261 hr 18 minAudio

    Պարսկական սահմանը անցնելով՝ շուրջ եօթանասուն ֆետայիներէ բաղկացած խումբը կը շարունակէ իր դժուարին ճանապարհորդութիւնը Երկրի լեռներով ու ձորերով՝ դէպի Վան։ Շրջիկի առաջնորդութեամբ եւ տեղական կոմիտէներու աջակցութեամբ, խումբը...

    Credit the people on this episode

  4. 1-Շրջիկը - The Emissary

    Sep 28, 202658 minAudio

    Առաջին հատորի ողբերգական դէպքերէն երեք տարի ետք, «Զարթօնք»ը մեզ կը տանի նոր աշխարհ մը՝ ԵՐԿԻՐ։ Կը հետեւինք յեղափոխական շրջիկի մը եւ խումբ մը ֆետայիներու վտանգաւոր ճանապարհորդութեան։ Օսմանեան իշխանութիւններու եւ քրտական...

    Credit the people on this episode

  5. 16- Խորտակուած Սիրտ մը - A Shattered Heart

    Jun 1, 202657 minAudio

    Ողբերգական լուրը վերջապէս կը հասնի Թիֆլիս՝ խորտակելով Սոնիայի սիրտը եւ զինք դէմ-յանդիման կանգնեցնելով Վարդանի մահուան դաժան իրականութեան առջեւ։ Սուգին եւ կորուստի ծանրութեան տակ, Սոնիան կը սկսի մօտէն ծանօթանալ այն...

    Credit the people on this episode